2013-03-18 13:04:01

Իրաքի Գաղտիացիներու Պատրիարքը` Գերերջանիկ Ռափայէլ Սաքօ


Իրաքի գաղտիացիներու պատրիարքը` գերերջանիկ Ռափայէլ Սաքօ կը յուսայ որ ֆրանսչիսքոս Քահանայապետը արաբական աշխարհին բերէ ճշմարիտ ''արաբական գարուն'' մը։ Նոր Քահանայապետը որպէս Պոնէս Այրեսի առաջնորդը եղած էր դերակատարը հրեայներու ու մահմետականերու երկխօսութեան մեր մաղթանքն է որ քաջալեր հանդիսանայ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հաստատումին։ Ան կու գայ Լատինամերիկայէն, աշխարհամաս մը որ կը դիմագրաւէ արաբական աշխարհին պէս հարցեր` աղքատութիւն, տագնապ, հզօր իշխանութիւններէն շահագործում։ Ան խոր փորձառութիւն ունի արդարութեան, խաղաղութեան, ազատութեան ու մարդկային արժանաւորութեան արժէքներուն։ Այս պատճառաւ ան մօտ պիտի ըլլայ արաբական աշխարհին ու այդ աշխարհամասի քրիստոնեաներուն։ Նշենք որ Իրաքի գաղտիացիներու պատրիարքը, որ անցեալ 6 մարտին Պաղտատին մէջ տեղի ունեցաւ իր գահակալութիւնը, մարտ 19-ին, տօն ս. Յովսէփ Աստուածահօր, պիտի մասնակցի Սրբազան Քահանայապետի գահակալութեան պատարագին








All the contents on this site are copyrighted ©.